2014-04-04 12:05:14

Քեսապահայութեան մասին` Հայր Վարդան Գազանճեանի զրոյցը «Տէյլի Սթար» ին հետ։


«Տէյլի Սթար» անգլիատառ օրաթերթը իր 3 ապրիլ 2014-ի թիւին մէջ հրատարակեց տեղեկագիր մը՝ Սուրիոյ Քեսապի շրջանի կացութեան, անոր զարգացումներուն եւ տեղահան հայերու իրավիճակին մասին:

Տեղեկագրութիւնը կ'անդրադառնայ երեք հայկական կուսակցութիւններու (ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ) նախաձեռնութեան՝ 1 ապրիլ 2014-ին, երկու ժամ տեւողութեամբ ամէն աշխատանք դադրեցնելու հայկական հաստատութիւններուն, գործատեղիներուն եւ դպրոցներուն մէջ, առ ի զօրակցութիւն քեսապահայութեան:

Միեւնոյն տեղեկագրութեան շրջագիծէն ներս, «Տէյլի Սթար» օրաթերթը հրատարակած է հարցազրոյց մը Աւետման Սրբոյ Կուսին եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին հետ, որ կը խօսի Հայութեան համար Քեսապի կարեւորութեան մասին: Ան կը նկարագրէ Քեսապէն տեղահանուած եւ Լաթաքիա ապաստան գտած հայ ժողովուրդին կացութիւնը, որուն վկան եղած է 29 մարտ 2014-ին Լաթաքիա կատարած այցելութեան ընթացքին: Ան նշած է թէ աւելի քան 300 հոգիներ կը գտնուին Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ հոգետան մէջ, եւ անոնք կարիքը ունին կենսական պէտքերու: Հայր Վարդան նկատել տուած է տեղահանուած քեսապահայութեան ծանրակշիռ վիճակը, յիշեցնելով որ այս ողբերգութիւնը կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին:








All the contents on this site are copyrighted ©.